2013-09-03 11:39:07

Յիսուս Բանակի Մը Չի Կարօտիր Չարը Յաղթահարելու Համար` Անոր Զօրութիւնը Խոնարհութիւնն է` Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը


Երեքշաբթի 3 սեպտեմբերի առաւօտեան Սանդա Մարդայի մէջ մատուցած սուրբ պատարգի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ` ''Հոն ուր Յիսուս կը գտնուի հոն կայ խոնարհութիւն, հեզութիւն եւ սէր'' շեշտը դնելով Յիսուսի ''անդորր լոյսին'' որ կը խօսի մեր սրտերուն եւ որ հակառակ է աշխարհի լոյսին որ ''արհեստական'' լոյս մըն է որ մեզ ամբարտաւան եւ հպարտ կը դարձնէ։ ''Քրիստոնէական ինքութիւնը Լոյսի եւ ոչ թէ խաւարի ինքնութիւն մըն է'' հաստատեց Քահանայապետը ներշնչուելով Պօղոս առաքեալի խօսքերէն ուղղուած Յիսուսի առաջին աշակերտներուն ակնարկելով որ ''Յիսուսի լոյսը մեզ կը փրկէ խաւարէն ու մեղքէն''։

Քարոզը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը ապա ըսաւ` Յիսուս պէտք չ՛ունի բանակի մը չարը յաղթահարելու Համար, կարիքը չ՛ունի ամբարտաւանութեան, զօրութեան ու հպարտութեան....Անոր խօսքը խոնարհութիւն է, ու սիրով լի հեզութիւն, խօսք մը որ մեզի կ՛ընկերանայ Խաչի ճանապարհի ընթացքին։ Հայցենք Տիրոջմէ որ մեզի պարգեւէ իր Լոյսին շնորհքը եւ մեզի սորվեցնէ զանազանել Իր լոյսը արհեստական լոյսէն որ խաբէութիւն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.